2016-07-22 07:58:00

«Ամէն ինչ պիտի ընենք` հասնելու խաղաղ լուծման», ըսած է Վարչապետը։


ՀՀ վարչապետ Յովիկ Աբրահամեան այսօր «Անթոյլատրելի եւ դատապարտելի»  որակած այն, ինչ որ տեղի ունեցած է Հայաստանի ոստիկանութեան պարեկապահակային ծառայութեան (ՊՊԾ) գունդի տարածքին:

Կառավարութեան նիստի սկիզբը վարչապետը ցաւակցած է զոհուած գնդապետ Արթուր Վանոյեանի ընտանիքին եւ ծառայակից ընկերներուն:

«Բռնութեամբ անհնար է հասնել իրական փոփոխութիւնների, այն վտանգաւոր եւ անհեռանկար գործընթաց է»,- ըսած է վարչապետը:

Յովիկ Աբրահամեանի խօսքով` իրավիճակը «խիստ մտահոգիչ» է, եւ իշխանութիւնը ամէն ինչ պիտի ընէ` հարցը խաղաղ ճանապարհով լուծելու համար:








All the contents on this site are copyrighted ©.